login
Յօդուածներ
Եւրոպական Խորհուրդ-ՀՀՀ-ն Կը Մասնակցի Պրիւքսէլի Համաժողովին 05/02/2016
2 Մայիս, 2016-ին, հայ, ասորի, հրեայ եւ գնչու համայնքներու ներկայացուցիչները հանդիպեցան Պրիւքսէլի մէջ, որպէսզի պարզեն ու գնահատեն սփիւռքի վիճակը Եւրոպայի մէջ եւ խթանեն փորձի փոխանակումը, համագործակցութիւնը եւ համատեղ շահերու պաշտպանութիւնը: Գործօն անհատներու, ակադեմականներու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու կողքին, Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ը մեծ դեր ունեցաւ այս իւրայատուկ համաժողովին մէջ: Համաժողովի չորս նիստերէն մէկուն՝ կրթութեան նուիրուած քննարկումի ընթացքին շեշտուեցաւ սփիւռքի մէջ պատմութիւն, մշակոյթ եւ մայրենի լեզու սորվելու անհրաժեշտութիւնը: Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց, թէ ինչպէս կարելի է բաւարարել սփիւռքի կրթական պահանջքը: Ընդգծելով ՀՀՀ-ի դերը, սփիւռքի մէջ հայութեան պահպանման առումով, ան նշեց. « Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար պէտք է զօրացնենք առցանց կրթութեան դերը։ Մենք, ճարտարագիտութեան նորագոյն միջոցներով, տարիներ շարունակ կը սորվեցնենք հայոց լեզու, պատմութիւն եւ կը ծանօթացնենք հայկական մշակոյթը։ Այսպիսով կը պահպանենք մեր ազգային ինքնութիւնը»։ Դոկտ. Զօրեան փոխանցեց ՀՀՀ-ի գործունէութեան փորձառութիւնը՝ սփիւռքի մէջ։ Համաժողովի աւարտին ընդգծուեցաւ կրթութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Եւրոպա տարածուած սփիւռքի համար։